Համոզուած եղէք, որ ամբողջ աշխարհի մէջ հայ համայնքներու ձայնը լսելի է, մենք որեւէ պարագայի չենք կրնար հանդուրժել մարդու իրաւունքներու հետագայ ոտնահարումները, այլեւս չենք կրնար ընդունիլ, որ ուժն ու ռազմական հզօրութիւնը գերակայեն օրէնքի գերակայութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը։ Այս մասին ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովի ժամանակ տեսաուղերձի ընթացքին ըսաւ Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալտօն։
Ան ընդգծեց, որ պէտք չէ աչքաթող ընել այն ամէնը, ինչ որ Հայաստանը ձեռք բերած է անկախութենէն ի վեր։
Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալտոյի ձեւակերպմամբ՝ տարածքային վէճերու լուծումը խոր տառապանք պատճառած է հայ ժողովուրդին, նման հարցերու լուծումը կը պահանջէ համբերութիւն ու ժամանակ:
«Յաջող դիւանագիտական լուծումներ, հեռանկարներ անշուշտ կան, ու Եւրոպական Միութիւնը պիտի կանգնի ձեր կողքին՝ առաջարկելով անհրաժեշտ աջակցութիւն՝ վերակառուցման ու հակամարտութեան հաւասարակշռուած փոխզիջում գտնելու հարցին մէջ, որ պիտի չաւելցնէ Հայաստանի արդէն իսկ կրած հսկայական կորուստները», շեշտեց ան։