image

Եւրօն կը նշէ իր ստեղծման 20-ամեակը

Եւրօն կը նշէ իր ստեղծման 20-ամեակը

Այսօր կը լրանայ համաեւրոպական տարադրամի՝ եւրոյի շրջանառութեան մէջ դրուելու 20 տարին։ Ուղիղ երկու տասնամեակ առաջ Եւրոպական Միութեան 11 պետութիւններու մէջ կանխիկ հաշուարկներու մէջ ազգային տարադրամները փոխարինելու եկաւ համաեւրոպական արտարժոյթը՝ եւրօն։

ԵՄ ղեկավարներու համոզմամբ՝ անցեալ երկու տասնամեակներու ընթացքին միասնական տարադրամի գոյուիունը հնարաւորութիւն տուաւ մեծցնել եւրոպական երկիրներու տեսակարար կշիռը համաշխարհային տնտեսութեան մէջ։

«Մենք համաշխարհային առեւտուրի մեծագոյն դերակատարն ենք եւ այդ առեւտուրին գրեթէ կէսը կ'իրականացուի եւրոյով», նշած է Եւրոյանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա ֆոն տըր Լայենը։ Անոր խօսքով՝ «միասնական տարադրամը Եւրոպայի ուժի իրական խորհրդանիշն է»։

Եւրօն կանխիկ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ 2002 թուականի Յունուար 1-ին։ Մինչ այդ այն շուրջ երկու տարի կը կիրառուէր բացառապէս անկանխիկ վճարումներու համար։ Այսօր Եւրօն որպէս միակ վճարման միջոց կը կիրառուի ԵՄ անդամ 28 պետութիւններէն 19-ին մէջ։