image

Ետ գրաւել երկրի հարաւը. Զելենսկիէն հրահանգ

Ետ գրաւել երկրի հարաւը. Զելենսկիէն հրահանգ

Ուքրանական զօրքերը նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիէն առաջադրանք ստացած են՝ ետ գրաւելու երկրի հարաւը։ Այս մասին «Times» պարբերականին հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալեքսէյ Ռեզնիքովը։ Ան նշած է, որ այդ եւ այլ առաջադրանքներու համար Ուքրանիան ունի շուրջ 1 միլիոն մարտիկ։

Ռեզնիքով նշած է, որ քաղաքական առումով այդ չափազանց անհրաժեշտ է երկրի համար։ Ըստ Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարի՝ երկրի նախագահը Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարին հրամայած է ծրագիր մշակել։

Ռեզնիքովը նաեւ յայտած է, որ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու թուաքանակը կը հասնի մօտ 700 հազարի, իսկ ընդհանուր առմամբ մարտական գործողութիւններուն մասնակցելու համար Քիեւը կրնայ ներգրաւել շուրջ 1 միլիոն մարդ՝ Ազգային պահակախումբի, ոստիկանութեան եւ սահմանապահներու հետ միասին։ Ըստ Ուքրանիոյ պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարի՝ Քիեւին իր առջեւ դրուած խնդիրներն իրականացնելու համար պէտք է օգնէ նաեւ արեւմտեան սպառազինութիւնը։