image

«Ես ուժեղ էի միայն այն պատճառով, որ ան իմ հետն էր». Կամ կէս մնացած սիրոյ պատմութիւն. Սոնա Մնացականի ամուսնոյն վկայութիւնը

«Ես ուժեղ էի միայն այն պատճառով, որ ան իմ հետն էր». Կամ կէս մնացած սիրոյ պատմութիւն. Սոնա Մնացականի ամուսնոյն վկայութիւնը

Ապրիլ 26-ին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ինքնաշարժներու շարասիւնին կողմէ արկածի ենթարկուած 29-ամեայ յղի կնոջ՝ Սոնա Մնացականեանի մահուան ողբերգական դէպքէն ետք անոր ամուսինը՝ Աշոտ Վարդանեան հերթական գրառում կատարած է իր սիրելիին մասին:

Ծաւալուն հրապարակման մէջ ան պատմած է Սոնայի, անոր կեանքի, հետաքրքրութիւններու, բնաւորութեան, ինչպէս նաեւ անձնականի, նաեւ իրենց առաջին հանդիպման ու սիրոյ պատմութեան մասին: 

«Երէկ հոգեհանգստի արարողութիւնն էր։ Մէկ շաբաթ առաջ ես չէի գիտեր, թէ այդ ինչ է: Երէկ ես նստած էի դագաղի կողքին՝ մէջը՝ կեանքիս սէրը ու երեխաս։ Ան չափազանց կեդրոնացած էր ուրիշներուն վրայ, ուստի ես պէտք է պատմեմ անոր պատմութիւնը, պատմութեան  գոնէ մէկ փոքր մասը գոնէ։

Աղջիկ մը կար, որուն ոչ մէկը կը ճանչնար։ Ոմանք տեսած են զինք, իսկ ոմանք խօսած են անոր հետ: Ոմանք անոր ընկերներն էին, իսկ ոմանք՝ հարազատները, բայց ան շատ աւելին էր, քան որեւէ մէկը կրնար պատկերացնել: Անոր անունը Սոնա էր։ Ան պատմութիւն մը ունէր. սիրով ու ցաւով լի կարճ, ողբերգական պատմութիւն:», - գրած է ամուսինը:

 Ան պատմած է կնոջ ընտանիքի մասին՝ ընդգծելով, որ Սոնան նուիրուած դուստր էր, քոյր եւ թոռնիկ, եւ որ անոր համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունէր մեծ մայրիկը՝ տատիկը, որու հետ Սոնան այնքան շատ կը սիրէր ժամանակ անցնել:

Գրառումէն պարզ կը դառնայ, որ Սոնան ստացած է շատ լաւ կրթութիւն, աշխատանքային լուրջ առաջընթաց ունեցած է Եւրոպայի մէջ, եղած է աշխոյժ, նուիրուած ու գնահատուած աշխատող:

Ամուսինը նշած է, որ Սոնան աշխատանքի բերումով ընկերներ ձեռք բերած է ամոբղջ աշխարհէն եւ այս ամռան անոնք պէտք է գային երեխայի լոյս աշխարհ գալու կապակցութեամբ:

«Բոլորը պէտք է գային ծննդաբերութեան, ոչ թէ թաղման համար»,-գրած է Վարդանեան:

Վարդանեան պատմած է նաեւ նախքան իր հետ հանդիպումը Սոնայի դժբախտ սիրոյ պատմութիւնը:

«Սոնան դիմած է Քեմպրիճ։ Ընդունուած էր, բայց հաւնած է տղու մը: Տղայ մը, որ պիտի փոխէր անոր կեանքը, բայց ան ես չէի: Անպատասխանատու տղայ մը, բախտաւոր տականք, որ չգնահատեց զայն այնպէս, ինչպէս կար: Մարդ, որ առաջ մղելու փոխարէն անոր ետ քաշած էր։ Այսպիսով, ան չգնաց (Քեմպրիճ)»,- պատմած է ամուսինը:

Ան մանրամասնած է, որ Սոնային լքած երիտասարդը հեռանալէն յետոյ պարտք ձգած է, եւ Սոնան ստիպուած եղած է անոր փոխարէն վճարել վարկերը: Սակայն, Վարդանեանի խօսքով, Սոնան յաջողած է այդ փորձութիւնը յաղթահարել:

Խօսելով Սոնայի հետ առաջին հանդիպման մասին՝ Աշոտ Վարդանեան վերյիշած է, որ այդ տեղի ունեցած է գիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ լրագրութեան թեմաներով միջոցառման ժամանակ:

«Ես նայեցայ իրեն մէկ, երկու անգամ, յետոյ ան մօտեցաւ ինծի... սկսաւ բեմային քննարկումը։ Ես բեմն եմ. ան ամբոխի մէջ է։ Ես կը լռեմ ու կը նայիմ իրեն։ Երբ միջոցառումը կ'աւարտի, ան մեզմէ քանի մը հոգի կը հրաւիրէ ընթրիքի...։ Մենք միասին էինք ընդամէնը 8 երջանիկ ամիս... Այդ շատ քիչ է: Մեր աղջիկը 7 ամսական էր: Ան աշխարհի ամենասպասուած եւ ամենասիրուած երեխան էր... Ան եզակի պիտի ըլլար: Լաւագոյնը մեզմէ: Նոյնքան գեղեցիկ եւ խելացի, որքան մայրիկը: Սոնան ըսաւ, որ ես աշխարհի ամենաուժեղ տղամարդն եմ, եւ մեր աղջիկը ինծի նման պիտի ըլլայ։ Ես ուժեղ էի միայն այն պատճառով, որ ան իմ հետն էր»,-գրած է Սոնայի ամուսինը: