image

«Ես իմ ընտանիքը չեմ լքի».Շուշեցի ընտանիքի առօրեայ` պաշարուած Արցախի մէջ (Տեսանիւթ)

«Ես իմ ընտանիքը չեմ լքի».Շուշեցի ընտանիքի առօրեայ` պաշարուած Արցախի մէջ (Տեսանիւթ)

Շուշիէն տեղահանուած Յովսէփեաններու բազմանդամ ընտանիքը 2022-ին 4 սենեականոց բնակարան ստացած է նորակառոյց շէնքի մէջ:

Աննա Աւանէսեան ըսած է` աւելի քան տասը տարի վարձով ապրելէ ետք 2020-ին՝ որպէս բազմազաւակ ընտանիք, Շուշիի մէջ սեփական երկյարկանի տուն ստացած են, սակայն երեք ամիս ապրած են այնտեղ եւ սկսած է պատերազմը: Տունէն ոչինչ վերցուցած են, մտածած են՝ անպայման կը վերադառնան։

Ընտանիքը այժմ Ստեփանակերտ կ'ապրի, հայրը չի թաքցներ՝ մտահոգուած է երեխաներու անվտանգութեամբ, բայցեւ կը գիտակցի՝ ելք չկայ, պէտք է պայքարիլ․« Արցախում ապելու համար պէտք է պայքարել, ես իմ հայրենիքը չեմ լքի, երբեք»։

Փոքր երեխաները արդէն նպատակներ ունին, թէ ինչ պիտի դառնան։ Հայրը գոհ չէ որդիներու ընտրութենէն, բայց եւ չընդդիմանար անոնց ցանկութեան: Երբ մեծանան, ի՞նչ կ'ուզեն դառնալ հարցին, Գագիկի երեք որդիները մէկանգամէն կը պատասխանեն՝ զինուորական։

Առաւել մանրամասն՝ տեսանիւթին մէջ։