image

Էրտողան կը մեղադրէ արեւմտեան ուժերը

Էրտողան կը մեղադրէ արեւմտեան ուժերը

Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան դարձեալ մեղադրած է արտաքին ուժերը թրքական լիրայի անկման մէջ, հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը:

«Արժէքը անկում կ'արձանագրէ: Մենք չենք ձգեր, որ մեր ժողովուրդը եւ մեր հողագործները արժեզրկման հետեւանքով տուժեն: Գոյութիւն ունին օտարերկրեայ գործակալներ, որոնք կը յարձակին մեր վրայ: Ինչ ալ անոնք ընեն, մենք չենք հրաժարիր մեր տնտեսական ծրագիրէն»,-ըսած է ան Իզմիրի մէջ ելոյթի ժամանակ:

Աւելի վաղ Էրտողան այդպիսի մեղադրանքներ ուղղած էր որոշ արտաքին ուժերու դէմ, սակայն երբեք չէր նշած, թէ ինչ նկատի ունի:

Տարուան սկիզբը թրքական տարադրամը ինկած էր 70 տոկոսով, ինչ որ վերջին տարիներուն անոր արժէքի ամենախոշոր իջնելն էր: Յունուարին մէկ տոլարը կ'արժէր 7,3 լիրա: Երեքշաբթի մէկ տոլարի դիմաց արձանագրուած է 11,38 լիրա, իսկ չորեքշաբթի առաւօտեան Թուրքիոյ տարադրամը աժանցած է՝ հասնելով մէկ տոլարի դիմաց 13,15 միաւորի: Ընդ որում՝ երեքշաբթի այն հասած է 13,5 միաւորի, իսկ հինգշաբթի ազգային արժոյթը դարձած է 12 լիրա մէկ տոլարի դիմաց: