image

Էրտողան ի մօտոյ պիտի մեկնի Թեհրան

Էրտողան ի մօտոյ պիտի մեկնի Թեհրան

Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեանը Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեվլութ Չաւուշօղլուի հետ բանակցութիւններէն յետոյ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահին` Իրան այցի մասին։

«Մենք պայմանաւորուեցանք սկսիլ մեր դիւանագիտական բանակցութիւնները երկու երկիրներու միջեւ երկարաժամկէտ համագործակցութեան ճանապարհային քարտէզի դրոյթներու շուրջ եւ յոյսով ենք, որ այդ փաստաթուղթը շուտով պիտի ներկայացուի երկու նախագահներուն ներկայութեամբ», ըսած է Իրանի արտաքին գործերու նախարարը։

Ան նաեւ յայտնած է, որ Մեվլութ Չաւուշօղլուի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուած է տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու լայն շրջանակ։