image

Էրտողան՝ Աթէնքին. «Չկրկնել անցեալի սխալները»

Էրտողան՝ Աթէնքին. «Չկրկնել անցեալի սխալները»

Թուրքիան չի ձգտիր ոտնահարելու այլ պետութիւններու իրաւունքները, բայց միեւնոյն ժամանակ թոյլ պիտի չտայ յարձակումներ իր դէմ: Մենք կը զգուշացնենք Յունաստանին. դարձեալ մտածեցէք, մի՛ կրկնէք մէկ դար առաջ գործած սխալները եւ մի տրուիք դատարկ յոյսերուն:

 

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան Յունաստանին կոչ ըրած է «չկրկնելու մէկ դար առաջ գործած սխալները»:

Այսօր ելոյթ ունենալով Իզմիրի մէջ կայացուող «Efes-2022» միջազգային զօրավարժութիւններուն` Էրտողանը մատնանշած է Յունաստանի «սադրիչ եւ յարձակողական գործողութիւնները» Էգէյեան եւ Արեւելեան Միջերկրական ծովերուն մէջ:

Թուրքիոյ նախագահը կոչ ըրած է Աթէնքին՝ յարգելու միջազգային իրաւունքի կանոները եւ հրաժարելու զէնք տեղակայելէ կղզիներուն մէջ, որոնք «ապառազմականացուած գօտիներու» կարգավիճակ ունին:

«Դադրեցուցէ՛ք զէնք տեղադրել կղզիներուն մէջ: Ես կատակ չեմ ըներ», ըսած է Էրդողանը:

«Թուրքիան չի ձգտիր ոտնահարելու այլ պետութիւններու իրաւունքները, բայց միեւնոյն ժամանակ թոյլ պիտի չտայ յարձակումներ իր դէմ: Մենք կը զգուշացնենք Յունաստանին. դարձեալ մտածեցէք, մի՛ կրկնէք մէկ դար առաջ գործած սխալները եւ մի տրուիք դատարկ յոյսերուն», ընդգծած է Թուրքիոյ նախագահը: