image

Երկու գիլո եւ աւելի. «Որսացած» են աշխարհի ամենամեծ ոստրէն

Երկու գիլո եւ աւելի. «Որսացած» են աշխարհի ամենամեծ ոստրէն

Ֆրանսայի արեւմտեան կողմը գտնուող Քարանթէքի ափերը որսացած են աշխարհի ամենամեծ ոստրէն:

Ինչպէս կը յայտնէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով տեղւոյն աղբիւրին, գտածոյի զանգուածը կը կազմէ 2230 կրամ: Անիկա քանի մը տասնեակ կրամով աւելի ծանր է նախորդ մրցանիշակիրէն, որ նոյնպէս այդ լողափը յայտնաբերուած է:

Համեմատութեան համար կը նշուի, որ ամենախոշոր ոստրէները, որոնք հնարաւոր է գնել սովորական շուկայի մէջ, որպէս կանոն, 150 կրամէն փոքր ինչ ծանր կ'ըլլան:   

«Ոստրէներու նոր թագաւորի» խեցիի չափերը կը կազմեն 26.5 սմ երկարութիւն, 13 սմ լայնութիւն եւ 10 սմ հաստութիւն: Հսկան որսացած Les Huitres de Pen al Lann ընկերութիւնը կը կարծէ, որ խեցեմորթը մօտ 15 տարեկան էր: Ընկերութեան ներկայացուցիչ՝ Կրէկ Պերտեր յայտնած է, որ այս տարի կրցած է որսալ քանի մը նմուշ, որոնց կշիռքը կը գերազանցէր մէկ գիլոն:

Պերտերի խօսքով՝ նոյնիսկ նման չափերու պարագային, ոստրէն ուտուելիք է: Զայն Սուրբ Ծնունդի համար ձեռք բերած է տեղի հաստատութիւններէն մէկը, սակայն վաճառքի գինը չի հաղորդուիր: Նման խեցին բանալու համար ոստրէին համար նախատեսուած սովորական դանակը չի բաւարարեր: Մասնագէտները խորհուրդ կու տան մուրճ օգտագործել կամ պարզապէս զայն եփել վառարանի մէջ, որպէսզի աւելի անվտանգ ըլլայ: