Մեկնարկած են Երասխ-Ճուլֆա-Օրտուպատ-Մեղրի-Հորատիզ երկաթուղիի Մեղրիի հատուածի շինարարութեան նախապատրաստական աշխատանքները, Սիւնիքի հարցերով միջգերատեսչական աշխատանքային խումբի նիստին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Ավելի վաղ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը տեղեկացուցած էր, որ Մեղրիի հատուածին մէջ 45 քիլոմեթրանոց երկաթագիծի կառուցումը պիտի արժէ մօտ 200 միլիոն տոլար, շինարարութիւնը կը տեւէ շուրջ երեք տարի։
Փաշինեան ընդգծած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման թեմային էական գործօն ըլլալը Սիւնիքի մարզի հետագայ զարգացման համար, յաւելելով, որ այն ակնյայտօրէն որոշակի խնդիրներ եւ վտանգներ, միեւնոյն ժամանակ շատ մեծ հնարաւորութիւններ կը պարունակէ:
«Մենք պէտք է հետեւողականօրէն եւ համբերատար աշխատինք, որպէսզի վտանգները կառավարենք, իսկ հնարաւորութիւնները ընդգծենք եւ կարենանք ծառայեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան, ընդ որում՝ Սիւնիքի մարզի հետագայ բնականոն զարգացման», նշած է վարչապետը:
Ան նաեւ յայտնած է, որ մարզին մէջ լայն թափով կ'իրականացուի այլընտրանքային ճանապարհներու շինարարութիւն:
Ինչ կը վերաբերի Հիւսիս-Հարաւ ծրագրի իրականացման, Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով` կ'աշխատին մասնաւորապէս Սիսիան-Քաջարան եւ Քաջարան-Ագարակ հատուածներու շինարարութեան ուղղութեամբ: Ան յոյս յայտնած է, որ այդ գործընթացը արդէն կը մեկնարկէ 2022-ին: