image

«Երգը իմ թեւերն է...» 4 Տարեկան պոլսահայ Նշանը անգիր ըրած է Սիպիլի ոգեշնչող երգը (Տեսանիւթ)

«Երգը իմ թեւերն է...»  4 Տարեկան պոլսահայ Նշանը անգիր ըրած է Սիպիլի ոգեշնչող երգը (Տեսանիւթ)

 Անցեալ ամիս պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ դարձեալ մեծաթիւ սրտեր նուաճեց։ Մեր հայրենակցուհի ն քաղաքի ամենալուսաւոր բեմերէն մէկուն հարթակէն անգամ եւս բարձր հնչեցուց իր ձայնը։

 

 Քաղաքի մը մէջ, որուն արանքներուն, որուն թաղերուն ու մայթերուն վրայ մեր պատմութեան մեծ հոսքը կը շարունակուի, Սիպիլ կարողացաւ բռնել այն նուիրական երակէն որ մեր ինքնութեան երակն է։

  Սիրոյ, ինքնութեան, արմատներու եւ հայրենի հողին կարօտով եւ ձայնով լեցուն տեսարանին մէջ ամենաուշագրաւը միայն Սիպիլի կատարումը չէր, այլ 4-ամեայ պոլսահայ պատանի՝ Նշանին շուրթերէն հնչող երգը, որ նաեւ արձագանգ է այն ալիքներուն, որոնք միշտ ալ անմեռ պիտի մնան մեր բիւրաւոր հայրենակիցներու սրտերուն մէջ։

 Սիպիլ կը զանցէ սահմանները, անոր իւրաքանչիւր կատարումը, իւրաքանչիւր երգի խազը, իւրաքանչիւր ռիթմը նոր հորիզոններ կը բանայ մեր առջեւ։

 Ու ամենակարեւորը այդ բոլորը կը կատարէ ինքնեկ մղումով, առանց կեղծիքի այլ ներսէն, հոգիէն մղուող երանգներով։ 

 Անոր ձայնը մեր ինքնութեան ձայնն է, որ այսօր կը լսուի Պոլսէն, կը լսուի մեզի այնքան մօտ, սակայն այնքան հեռու թուացող քաղաքէն։

 

 Սիպիլ միացնող ձայնն է այն հազարներուն, որոնց համար տարածութիւնը, սահմանները, հեռաւորութիւնները իմաստ չունին։

 

 Ան գալիք սերունդներու նոր աւիշ տուող ձայնն է, որ պիտի հոսի եւ պիտի զանցէ բոլոր արգելքներն ու սահմանները։

 

 Հայութիւնը նաեւ այդպէս կ՚ապրեցուի, ու ամենակարեւորը անկեղծ ու զտարիւն սրտի թրթիռներով։ 

 

Մնացեալը տեսանիւթին մէջ։