Երեւանը՝ իր հարուստ պատմութեամբ եւ ռազմավարական դիրքով, արժանի է ըլլալու զարգացած քաղաքակրթութեան օրինակ մը, որ կ'արտացոլացնէ իր ժողովուրդին ձգտումները եւ աշխարհի տարբեր կողմերէն այցելուներ եւ ներդրողներ կը գրաւէ:
Ելեւմտագէտ, եւ ֆինանսական գործիչ՝ Արամ Չափարեան կը գրէ՝
Բաց նամակ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան
Պատուարժան վարչապետ եւ յարգելի նախարարներ,
Ողջոյն...
Օրեր առաջ կը գտնուէի Հայաստան, եւ ուշադրութիւնս գրաւեցին կարգ մը նկատառելի երեւոյթներ, զորս անհրաժեշտ կը գտնեմ ձեզի հետ բաժնեկցիլը՝ տրուած ըլլալով, որ անոնք կարեւոր ազդեցութիւն կրնան ունենալ մայրաքաղաք Երեւանի եւ ընդհանրապէս ամբողջ Հայաստանի համար քաղաքային եւ ընկերային աւելի հաւասարակշռուած եւ բարգաւաճ ապագայի մը ձեւակերպման մէջ:
Առաջին, նկատելի էր որոշ շինարարութիւն մայրաքաղաքի կարգ մը թաղամասերուն մէջ, ուր կը կառուցանուին շէնքեր, որոնք արդիականացում եւ բարգաւաճում կը բուրեն: Ատով հանդերձ մտահոգիչ է կալուածներու գիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող անհաւասարակշռութիւնը. գլխաւոր պողոտաներուն վրայ գտնուող յարկաբաժիններուն գիները կը հասնին մինչեւ իւրաքանչիւր քառակուսի մեթրի համար 5,000 տոլարի, մինչ մօտակայ հին շէնքերուն գիները իւրաքանչիւր քառակուսի մեթրի համար 50 տոլարի չեն հասնիր, տրուած ըլլալով, որ չեն համապատասխաներ գեղեցկութեան եւ քաղաքացիական ապահովութեան չափանիշներուն՝ անոնց մեծ մասը ըլլալով խորհրդային ժամանակաշրջանէն մնացած տուներ:
Գիներու, որակի եւ ընդհանուր տեսքի այդ մեծ անհաւասարակշռութիւնը՝ քաղաքացիական վերահսկողութեան եւ քաղաքային ծրագրումի բացակայութեան կողքին, նշան է քաղաքաշինութեան մէջ խախտումի, որ կրնայ բացասականօրէն ազդել քաղաքի կեանքին: Ատիկա կրնայ ընկերային խռնուածութիւն պատճառել, որ հաւանաբար ունենայ նաեւ քաղաքական հետեւանքներ: Որոշ շրջանի մը մէջ բնակչութեան խտացման սաստկացումը պատճառ կը դառնայ երթեւեկութեան խճողումի եւ ճամբաներու խցանումի, ինչ որ արգելք կը դառնայ քաղաքացիներուն եւ զբօսաշրջիկներուն ազատ շարժումին:
Երկրորդ, նկատելի էր ապրանքներու եւ հիմնական ծառայութիւններու գիներու բարձրացումը, ինչ որ կարգ մը պարագաներու կը մրցին եւրոպական երկիրներու գիներուն հետ կամ կը գերազանցեն զանոնք: Ատիկա մեծ բեռ կը դնէ քաղաքացիներուն վրայ եւ բացասական ազդեցութիւն կ'ունենայ զբօսաշրջիկութեան հոսքին վրայ: Այդ իրականութիւնը ընկճուածութեան եւ դժգոհութեան առիթ կու տայ, ինչ որ իր կարգին պատճառ կ'ըլլայ անօրէն վարմունքներու եւ նոյնիսկ ապրուստ ճարելու համար արտագաղթի: Առաւել, ընկերութեան մէջ յստակ միջին դասակարգի բացակայութիւնը կը տկարացնէ տնտեսութեան ընթացքը եւ կը խախտէ անոր հաւասարակշռութիւնը: Ատիկա անմիջական լուծում կը պահանջէ:
Ըստ այնմ, կոչ կ'ուղղեմ ձեր յարգելի կառավարութեան, որ առնէ համարձակ եւ նպատակաուղղուած քայլեր՝ այդ իրականութիւնը դիմագրաւելու համար: Անոնք կրնան ըլլալ հետեւեալ ձեւով.
1. Քաղաքային ծրագրումի եւ շինարարութեան կարգաւորումի վերաբերեալ օրէնքներն ու օրէնսդրութիւնները արդիականացնել՝ զանոնք համապատասխանեցնելով միջագզային չափանիշներուն
2. Յստակ եւ արդար մեքանիզմներ հաստատել՝ գիտական եւ թափանցիկ կերպով անշարժ գոյքի գնահատումի եւ արժեւորման համար
3. Ծրագիրներ դնել՝ հին շէնքերը նորոգելու համար կամ զանոնք փլելու եւ փոխարինելու արդիական շէնքերով, որոնք կը լրացնեն ապահովութեան եւ քաղաքի գեղագիտական պահանջները
4. Կանաչ տարածքները եւ հանրային պարտէզները աւելի հաւասարապէս բաժնուած ըլլան քաղաքի կեդրոնի զանազան բաժիններուն մէջ, ինչպէս նաեւ տարածքներ յատկացնել ինքնաշարժներու կառատուներու համար՝ մեղմացնելու համար քաղաքամէջի խճողումն ու խտութիւնը եւ բարելաւելու համար կեանքի որակը
5. Մատչելի գիներով տուներու կառուցման ծրագիրներու մէջ ներդրումները քաջալերել՝ քաղաքի տարբեր թաղամասերուն մէջ ընկերային եւ տնտեսական այլազանութիւնը ապահովելու համար
6. Հիմնական ծառայութիւններուն ենթակառոյցները բարելաւել, ներառեալ՝ առողջապահական, կրթական եւ ընկերային ծառայութիւններու մարզերուն մէջ՝ բոլոր քաղաքացիներուն համար հեզասահ փոխադրութիւն եւ արժանապատիւ կեանք մը ապահովելու համար
7. Տնտեսական քաղաքականութիւնները վերատեսութեան ենթարկել ինչպէս նաեւ ընդունիլ ազդու կամ արդիւնաւէտ օրէնքներ, որոնք կը նուազեցնեն կեանքի սղութիւնը եւ սղաճը երկրին մէջ, ինչ որ իր կարգին կ'ապահովէ ընկերային եւ տնտեսական կայունութիւն՝ զարկ տալով գործունեայ միջին դասակարգի մը յառաջացման
Երեւանը՝ իր հարուստ պատմութեամբ եւ ռազմավարական դիրքով, արժանի է ըլլալու զարգացած քաղաքակրթութեան օրինակ մը, որ կ'արտացոլացնէ իր ժողովուրդին ձգտումները եւ աշխարհի տարբեր կողմերէն այցելուներ եւ ներդրողներ կը գրաւէ:
Խորին յարգանքով եւ գնահատանքով՝
Արամ Չափարեան
15 Հոկտեմբեր 2025