image

Երեւանի մէջ ինքնաշարժի արկածի ենթարկուած է Մարալ Նաճարեանը. «Առաւօտ»

Երեւանի մէջ  ինքնաշարժի  արկածի ենթարկուած է Մարալ Նաճարեանը. «Առաւօտ»

Այսօր Մամուլի շէնքին դիմաց՝ Արշակունեաց պողոտային վրայ բախած են երեք փոխադրական միջոցներ, այդ շարքին՝ մարդատար կառք:

Տեղւոյն վրայ բժիշկները օգնութիւն ցուցաբերած են քաղաքայինի մը: Վիրաւորներ եւ զոհեր չկան՝ կը տեղեկացնէ Առավոտը:   Լրատուամիջոցը կը նշէ, որ քաղաքայինը, որուն բժշկական օգնութիւն ցոյց տուած են, սփիւռքահայ Մարալ Նաճարեանն է, որ վերջերս Պէյրութէն վերադարձած է Հայաստան: Ան հինգ ամիս գերեվարուած էր եւ կը գտնուէր Պաքուի մէջ: Այս տարուան Մարտին ան ազատ արձակուած եւ վերադարձուած է Լիբանան, ուր քանի մը ամիս մնալէ յետոյ կրկին Հայաստան եկած է եւ ստացած է ՀՀ նոր անձնագիր: