Ժամեր առաջ շնորհիւ ԱԻՆ մարմիններու ճիգերուն մարուած է Երեւանի «Դոդոխեան» փողոցին մէջ ծագած հրդեհը։
Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ ԱԻՆ-ի պաշտօնական էջէն։
Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ հրդեհին հետեւանքով տուժածներ չկան։
Կը նշուի նաեւ, որ հրդեհը ծագած է կերպընկալէ (բլասթիքէ) արկղեր պարունակող սենեակի մը մէջ։