image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ ինքնաշարժ պայթած է. Կան վիրաւորներ

Երեւանի մէջ ինքնաշարժ պայթած է. Կան վիրաւորներ

Արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ: Այս մասին յայտնած է shamshyan.com-ը:

Դեռ անյայտ հանգամանքներու մէջ, Բաշինջաղեան փողոցին մէջ, «Գուավա» առեւտուրի կեդրոնի դիմաց, Nissan Versa մակնիշի մեքենային մէջ պայթում առաջացած է:

Ինչպէս դէպքի վայրէն յայտնած է ֆոթոլրագրող Գագիկ Շամշեանը, պայթումի հետեւանքով 2 հոգի տեղափոխուած են «Արմենիա» բժշկական կեդրոն, իսկ մեքենան դարձած է ոչ շահագործելի:

Դէպքի վայր ժամանած է Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Փրկարար ծառայութեան թիւ 7 հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն 2 մարտական հաշուարկ եւ շտապօգնութեան բժիշկներու հերթապահ խումբերը:

Ոստիկանութիւնը կը պարզէ վարորդի եւ վիրաւորներու ինքութիւնը: Ըստ նախնական տեղեկութիւններու, պայթումը առաջացած է մեքենայի կազի պալոնէն, որ կը պարզուի: