Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին մէջ ընթացած է հաւաք՝ ի աջակցութիւն Արցախի: Ներկաներն իրենց աջակցութիւնը յայտնած են Արցախին եւ արցախհայութեան, որ 12 դեկտեմբերէն շրջափակման մէջ է:
Յիշեցնենք, որ ատրպէյճանցի «բնապահպանները» 12 դեկտեմբերէն փակած են ճանապարհը: Սկիզբը անոնք յայտարարած էին, որ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատւութեան գօտիին մէջ գտնուող հանքավայրերու շահագործումն «ապօրինի է» եւ որ իրենց համապատասխան «մասնագէտներուն» պէտք է թոյլ տրուի այցելել շահագործման վայրեր եւ մշտադիտարկում կայացնել: Սակայն այժմ անոնք կը պահանջեն Լաչինի միջանցքին մէջ ատրպէյճանական մաքսակէտ տեղադրել: