image

Երեւանի մէջ. Ամանորեայ տօնածառ պիտի տեղադրուի

Երեւանի մէջ. Ամանորեայ տօնածառ պիտի տեղադրուի

Նոր Տարուայ եւ Սուրբ Ծնունդի կապակցութեամբ Երեւանի քաղաքապետարանը մանուկներուն համար Հանրապետութեան հրապարակը որոշած է տեղադրել երկրի գլխաւոր տօնածառը։ Այս մասին ըսած է խօսնակ Յակոբ Կարապետեան։

«Տօնածառներ կը տեղադրուեն նաեւ վարչական շրջաններում: Գլխաւոր տօնածառի լոյսերի վառման հանդիսաւոր արարողութիւն տեղի չի ունենայ։ Երեւանի քաղաքապետարանը նաեւ ամանորեայ միջոցառումներ եւ հրավառութիւն չի կազմակերպի, փողոցների տօնական լուսաւորութիւն չի լինի, չի գործի քաղաքապետարանի սուրբծննդեան տօնավաճառը: Երեւանի բոլոր առաջին եւ երկրորդ դասարանցի դպրոցականները քաղաքապետարանից հրաւէր կը ստանան՝ դիտելու ամանորեայ մանկական ներկայացումներ»,- նշեց Կարապետեան:

Աւելցնենք, որ Հանրապետութեան հրապարակը պիտի տեղադրուի Երեւանի քաղաքապետարանի կողմէ 2018 թուականին ձեռք բերուած տօնածառը։