image

ԵՄ-ն Խաղաղութեան միշտ պատրաստ

ԵՄ-ն Խաղաղութեան միշտ պատրաստ

Եւրոմիութիւնը սերտօրէն կը համագործակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ եւ կ'ուզէ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հասնիլ։ Այս մասին ըսած է  Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար՝ Իսթանպուլի մէջ TRT World Forum-ին քննարկման ժամանակ։

Անոր խօսքով՝ հակառակ որ այժմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու հնարաւորութիւն կայ, 30-ամեայ հակամարտութեան հետեւանքով կողմերու միջեւ վստահութիւնը վերացած է, եւ այն կառուցելու համար ժամանակ կը պահանջուի։

«Կը կարծեմ, որ ԵՄ-ն լայնօրէն եւ աշխուժօրէն կ'աշխատի կողմերու միջեւ վստահութիւն ստեղծելու համար», -ըսած է ԵՄ պաշտօնեան: