image

Եգիպտացի լեռնագնացը՝ Արարատի գագաթին

 Եգիպտացի լեռնագնացը՝  Արարատի գագաթին

Եգիպտացի՝ Մինա Ռըտա Ալ Նաժժար, Արարատ լերան գագաթին։

«Արեւելք» այս մասին իմացաւ Հայ Դատի Եգիպտոսի մարմնի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։

Եգիպտացի՝ Մինա Ռըտա Ալ Նաժժար, իր դիմատետրի էջին տեղադրած է նկարներ՝ Արարատ լերան գագաթին կանգնած եւ Եգիպտոսի դրօշը ձեռքին բռնած։ 

Ան ուրախութեան եւ հպարտութեան իր ճիչը կ՚արտայայտէ՝ «Այ Տիտ Իթ» գրելով։ 

 

Մինա կը շարունակէ ըսելով, որ հասաւ 5137 մեթր բարձրութիւն ունեցող Արարատի կատարը, քանի որ «լեռները զինք կը կանչէին։ Մինա կ՚ըսէ, թէ ճանապարհորդութեան ընթացքին հանդիպած է սքանչելի մարդոց։ 

 

«Լեռներէն շատ բան կը սորվիս։ Կ՚անջատուիս ամէն ինչէն, եւ կապ կը հաստատես դուն քեզի հետ։ Իսկ յետոյ կ՚իմանաս քու կարողութեանդ  գեղեցկութիւնը, իր պարզութեան մէջ»,- կը հետեւցնէ ան։