ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտըն մեկնաբանած է Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի չորրորդ հանդիպումը։
«Կ'ողջունեմ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի աշխուժ մասնակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու չորորդ հանդիպման։ Կարեւոր է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու գործընթացի մաս ըլլալ»,- գրած է ան Twiiter-ի իր էջին։
Յիշեցնենք, որ Պրիւքսէլի մէջ արդէն կայացած է այս ձեւաչափի երեք հանդիպում։ Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է 2021 թուականի 14 դեկտեմբերին, երկրորդը՝ 2022 թուականի 6 ապրիլին, երրորդը՝ 2022 թուականի 23 մայիսին։