Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին մէջ երկյարկանի շէնք մը փուլ եկած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց համացանցէն։
Կը նշուի նաեւ, որ մինչեւ վերջերս բնակելի հանդիսացող շէնքը դատարկուած էր քաղաքային մարմիններու կողմէ հնչած զգուշացումներէն ետք։
Նշենք նաեւ, որ դէպքը եղած է Թրիփոլիի «Ալ Զահրիյէ» թաղամասին «Ալ Միր« փուռին մօտակայքը։
Թրիփոլին, որ կը համարուի Լիբանանի եւ Մերձ. Արեւելքի ամէնէն թշուառ քաղաքներէն մին յաճախ նմնա երեւոյթներու թատերաբեմ կը դառնայ։
Մեծ թիւով օգտատէրեր, որ եղածին մասին գրառումներ կատարած են փառք տուած են Աստծոյ, որ Թրիփոլին հերթական ողբերգութեան մը ականատես չդարձաւ։
لحظة انهيار المبنى المهجور في #طرابلس pic.twitter.com/rQuCBbTxgH
— Al Jadeed News (@ALJADEEDNEWS) September 18, 2023