image

Դէպի նո՛ր յարացոյց. Գրեց՝ Կարօ Արմէնեան

Դէպի նո՛ր յարացոյց. Գրեց՝ Կարօ Արմէնեան

Այս բոլորը մտածել պէտք է տան, որ յարացոյցի (paradigm, պարատիգմա) շեշտուած փոփոխութիւն տեղի ունեցած է և կը շարունակէ տեղի ունենալ մեր աչքերուն առջև։ Աւելի ճիշտ, պատմաշրջանն է, որ եղած է թաւալ գլոր հայաշխարհի դրացնութեան բոլոր ճակատներուն վրայ պահանջելով յարացոյցի արմատական փոփոխութիւն…Այս այսպէս է, քանի որ ներկայիս գործող յարացոյցը այլևս մերը չէ։ Ան այլևս թշնամիինն է։ Ան կը գործէ մեր հաւաքական գոյութեան հրամայականներուն դէմ։

Այժմ հարց է, թէ մենք ինչպէ՞ս պիտի ընդառաջենք այս «երկրաբանական» փլուզման հիմնակործան մարտահրաւէրին։ Նոր և յեղափոխական յարացո՞յց կերտելով, թէ թոյլ տալով՝ որ պատմութեան ինքնահոսը գտնէ իր ճամբան։ Եւ թոյլ տալո՛վ՝ որ թրքական ֆաշիզմը և մեծապետական աշխարհակարգը ճամբայ յարդարեն մեր երկրին համար դէպի արագընթաց այլասերում, վատասերում և որպէս ազգ և ինքնիշխան պետութիւն՝ դէպի վերջնական ապագոյացում։ Ընտրութիւնը մերն է։

1890-ին, Դաշնակցութիւնը մտաւ պատմութեան ասպարէզ նոյնինքն պատմութեան դէմ երթալու առաջադրութեամբ։ Մենք մերժեցինք օրուան յարացոյցը։ Մենք մերժեցինք նմանիլ մեր ժողովուրդին։ Ընդունիլ՝ մեր ժողովուրդին պարտադրուած միջ-կայսերական status quo-ն։ Մենք պահանջեցինք, որ մեր ժողովուրդը՝ ի՛նք իւրացնէ մեր գաղափարական շարժման համարձակ մարտահրաւէրը։ Մեր առաջադրութիւնն էր փոխել պատմութեան հունը։ Փոխել մեր ամօթալի կարգավիճակը։ Մենք — որպէս կուսակցութիւն և որպէս ազգ — այդ մէկը ըրինք արդէն քանի մը անգամ անցնող 132 տարիներու ընթացքին։ Ատոնք մեր ազգային հպարտութեան պահերն են այսօր։ Անոնք սահմանած են մեր ազգային ինքնութիւնը։

Այսօր ևս այդ վճռական պահն է։ Պիտի ընդունինք, որ մեր առնելիք յաջորդ քայլերը կրկին պիտի սահմանեն մեր ինքնութիւնը պատմութեան համար։ Պիտի ընդունինք, որ հայ անկախ պետականութիւնը — հակառակ բոլոր իր իրագործումներուն — ճակատագրականօրէն ձախողեցաւ պատմութեան մարտահրաւէրին առջև։ Մենք թոյլ տուինք, որ պատմութեան ուժերը դասաւորուին մեզի դէմ։ Մենք քաջ գիտէինք, որ հայ անկախ պետականութիւնը պիտի ապրէր բարդ և պահանջկոտ հարևանութեան մը մէջ։ Մենք քաջ գիտէինք, որ վայելքի ժամանակները չէին։ Մենք, որպէս պետականութիւն, ամէն ինչ ըրինք, որ մեր հասարակութիւնը օր ըստ օրէ քաղքենիանար, երբ թուրքևազրպէյճանական ոսոխը կը պատրաստուէր իր համաթրքական ծրագիրները իրագործելու՝ նախագծելով, առաջին հերթին, հայ պետականութեան բնաջնջումը։ Այսօր, այս պահուն իսկ, կը շարունակուի այս վտանգաւոր գործընթացը։

Այսօր այդ վճռական պահն է։ Եւ քանի որ այդ վճռական պահն է, մենք նախ և առաջ պիտի փոխենք մեր աշխարհահայեացքը։ Մեր մտքե՛րը։ Հայ ազգը — և առաջին հերթին՝ ազգին այն քաղաքական ուժը, որ շարժման առաջնորդը պիտի հանդիսանայ (կը հաւատամ, որ Դաշնակցութիւնն է այդ ուժը) — պիտի մերժէ ներկայ յարացոյցը։ Հայ քաղաքական բեմը պիտի վերակազմաւորուի նոր յարացոյցին շուրջ։ Ան պիտի վերակազմաւորուի քաղաքական առողջ տեսլականով և այդ տեսլականին նախանձախնդիր քաղաքական փոքրաթիւ ուժերու կողմէ, որոնք պատասխանատւութիւնը կ՚ըստանձնեն շրջելու պատմութեան ծուռ դարձած անիւը։

Ճիշտ ինչպէս 1890-ին։

Նոր յարացոյցը պիտի հաստատուի այսօրուան տխեղծ և անընդունելի յարացոյցը քաղաքական բեմէն ամէն գնով դուրս քշելու յանձնառութեամբ։ Եւ այս մէկը կը պահանջէ անկեղծ, զգաստ և միաժամանակ արմատական վճռակամութիւն։ Ընտրանքը մէկ է։ Եւ ան շատ յստակ է այսօր։ Եթէ օրուան յարացոյցը դուրս չես քշեր մեր երկրի քաղաքական կեանքէն, դուն ինքնաբերաբար մաս կը կազմես անոր։ Այս ողբերգութիւնը պէտք է խնայել մեր հայրենիքին և մեր ժողովուրդին։

Գորդեան հանգոյցը քակելու անպտուղ ճիգերը մեզի համար չեն։ Պէտք է կտրե՛լ այդ հանգոյցը։ Կտրել անվարա՛ն։ Կտրել և անցնիլ նոր պատմութիւնը կերտելու անյետաձգելի գործին։

 

Կարօ Արմենեան

Դեկտեմբեր 12, 2022