Կայ կուսակցութեան որոշում, որ մենք պիտի մասնակցինք յաջորդ քաղաքային ընտրութիւններուն: Կուսակցութեան ցուցակը պիտի գլխաւորեմ ես: Այդ մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Երեւանի աւագանիի «Լոյս» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Խաժակեանը:
«Թէ ինչ ձեւաչափով կը մասնակցենք, ինչ օրակարգով՝ շատ հարցեր մէկ տարուայ ընթացքում պարզ կը դառնան»,- ըսած է Խաժակեան: