Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսը հրթիռակոծումներու ենթարկուած է։ Այս մասին իմացանք «Ալ Մայատին» կայանէն։
Կը նշուի, որ հրթիռակոծումները եղած են Դամասկոսի միջազգային օդակայանի շրջակայքը, իսկ զոհերու կամ վիրաւորներու մասին տուեալներ չեն հաղորդուիր։
Նշենք, որ անցեալ փետրուարէն սկսեալ Իսրայէլի կողմէ Սուրիոյ ուղղութեամբ եղած օդային հարուածները դարձած են յաճախակի։