Պելճիքայի հայերու կոմիտէի, ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի, ՀՅԴ Հայ դատի Պելճիքայի յանձնախումբի եւ Պելճիքահայ դեմոկրատներու միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ 19 դեկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ կայացած է բողոքի ցոյց՝ Արցախի ժողովուրդի նկատմամբ ատրպէյճանական էթնիք զտման քաղաքականութեան վերջ տալու պահանջով։
Եւրոպական Միութեան իշխանութեան գործադիր մարմիններու գլխաւոր գրասենեակներու կողքին՝ Շումանի անուան հրապարակին մէջ, կայացած բողոքի ցոյցի մասնակիցները Եւրոպական Միութենէն պահանջած են՝
• Ստիպել Ատրպէյճանին անհապաղ եւ անվերապահօրէն բանալ Բերձորի միջանցքը, երաշխաւորել, որ այն նորէն չփակուի։
• Ձեռնարկել շօշափելի քայլեր Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար։
• Ձեռնարկել դիւանագիտական եւ տնտեսական պատժամիջոցներ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու սեփականութիւններու նկատմամբ։
• Ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ այնտեղ հաստատել մարդասիրական գրասենեակ։
• Անյապաղ կերպով ընդլայնել ԵՄ դիտորդական առաքելութեան կարողութիւնները Հայաստանի մէջ։
Բողոքի ցոյցին միացած էին բազմաթիւ հասարակական-քաղաքական գործիչներ, այդ շարքին՝ սենատորներ, Ֆլամանտական խորհրդարանի պատգամաւորներ Քարլ Վանլաուէն, Ալեսիա Քլաէսը եւ Արցախի հետ պելճիքական ֆրանսախօս բարեկամութեան խումբի համակարգող Անտրէ տը Պիւսը։ Անոնք բոլորը դատապարտած են ատրպէյճանական պետութեան կողմէ Արցախ տանող միակ ճանապարհի արգելափակումը, որ 12 դեկտեմբերէն յանգեցուցած է բնակչութեան լիակատար մեկուսացման։ Անոնք բոլորը վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը՝ պայքարելու Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան համար։

ՀՅԴ Բյուրոյի Հայ Դատի կենտրոնական գրասենյակ
20.12.2022 թ.