image

Բարի ապաքինման մաղթանք՝ Աւօ Կիւմրիւքեանին

Բարի ապաքինման մաղթանք՝ Աւօ Կիւմրիւքեանին

 Օրերս մեր հայրենակից Աւօ (Աւետիս) Կիւմրիւքեանը ծանր արկածի մը ենթարկուած է։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Աւոյի բարեկամներէն։

 Ան սայթաքած է ու ոտքին վրայ իյնալով կոտրած է բուժման ենթակայ ծունկի հատուածը։

Կը նշուի, որ  տարբեր պատճառներու բերումով Աւետիս ունեցած է ոտքի որոշակի խնդիրներ եւ ան ենթակայ է բժիշկներու ուշադրութեան։

Մեր հայրենակիցին կը մաղթենք լիարժէք եւ ամբողջական առողջութիւն, յուսալով եւ հաւատալով, որ ան շուտով կը թօթափէ այս փուլը եւ արագօրէն կը վերադառնայ դէպի բնականոն հուն։

Արմատներով՝ Հալէպէն Աւօ Կիւմրիքեան երկար ժամանակէ ի վեր (շնորհիւ իր նուիրեալ եւ փայլուն արհեստաւոր հօր) հաստատուած է Քուէյթի մէջ, ուր կը ծաւալէ վարպետ մեքենաշէն արհեստաւորի աշխատանք (Մէքանիստ)։

 Հայրենիք՝ Հայաստանի հանդէպ իւրայատուկ սէր տածող Աւետիս յաճախ կ՚այցելէ մայր հայրենիք ու անոր հիմնական երազներէն մին է վերջնականապէս կայք հաստատել Հայաստանի երկնակամարին տակ։