Օգոստոս 10-ին դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ կեանքի հետ անհամատեղելի հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի զինծառայող Ժորա Զոհրապի Կարապետեանը: Այս մասին հաղորդած են Պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Հակառակ բժիշկներու գործադրած ջանքերուն` զինծառայողի կեանքը չէ յաջողուած փրկել:
Դէպքի հանգամանքները ամբողջովին պարզելու նպատակով կը կատարուի քննութիւն:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը վշտակցի եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: