image

«ԱԺԲ»ի (Ազգային Ժողովրդավարական Բեւեռ) գրասենեակին մէջ կատարուած խուզարկութեան հետեւանքով յայտնաբերուած է երկու նռնակ․ ՔԿ

«ԱԺԲ»ի  (Ազգային Ժողովրդավարական Բեւեռ) գրասենեակին մէջ կատարուած խուզարկութեան հետեւանքով յայտնաբերուած է երկու նռնակ․ ՔԿ

Մարտ 24-ին Ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժին խումբ մը անձանց մուտք գործելու եւ պայթումի դէպքի առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս «Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ» կազմակերպութեան գրասենեակին մէջ կատարուած է խուզարկութիւն, որու հետեւանքով յայտնաբերուած է 2 մարտական նռնակ եւ բազմաթիւ փաստաթուղթեր։ Քննչական կոմիտէն յայտնած է, որ խուզարկութիւններ կատարուած են նաեւ գործողութիւնը կատարած երեք անձանց եւ անոնց հետ առնչութիւն ունեցող շարք մը այլ անձանց բնակութեան վայրերու մէջ։

«Կատարուած խուզարկութիւնների արդիւնքում յայտնաբերուել եւ վերցուել են քննութեան համար հետաքրքրութիւն ներկայացնող փաստաթղթեր եւ առարկաներ, այդ թւում զէնք, զինամթերք, պլաններ, սխեմաներ, թմրամիջոցի նմանող զանգուածներ եւ այլն: Մասնաւորապէս նշուած կազմակերպութեան գրասենեակ հանդիսացող տարածքից յայտնաբերուել են 2 մարտական նռնակ եւ քննութեան համար հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ փաստաթղթեր ու առարկաներ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Կոմիտէն պարզած է, որ Ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժին մուտք գործած երեք քաղաքացիներն ունեցած են հակաիշխանական հայեացքներ․ «Իրենց պահանջները կատարելուն հարկադրելու նպատակով, մարտի 24-ին՝ ժամը 17-ից 17.15-ն ընկած ժամանակահատուածում ապօրինի կերպով ձեռք բերած եւ իւրաքանչիւրի մօտ գտնուող ռազմամթերք հանդիսացող երկուքական ձեռքի մարտական նռնակներով, մուտք են գործել Նոր Նորքի բաժնի վարչական շէնք։ Շէնքը պայթեցնելու սպառնալիքով վերջիններս ծառայութիւն իրականացնող ոստիկաններից պահանջել են ազատ արձակել իրենց համախոհներին, բացել հերթապահ մասի դուռը, իրենց տալ այնտեղ պահուող զէնքերը»։

Անոնք վնասազերծուած եւ զինաթափուած են Ոստիկանութեան եւ ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու կողմէ: Միջնորդութիւններ ներկայացուած են հսկողութիւն իրականացնող դատախազին՝ երեք անձանց նկատմամբ քրէական հետապնդումներ յարուցելու վերաբերեալ: