image

«Այո՛, Արցախի մէջ ապրիլը հեշտ չէ». Արտակ Բեգլարեան

«Այո՛,  Արցախի մէջ ապրիլը հեշտ չէ». Արտակ Բեգլարեան

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան 26 օգոստոսին, ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան (ԿԳՄՍ) նախարար Անահիտ Յակոբեանի ուղեկցութեամբ, մասնակցած է Ստեփանակերտի, Շուշիի եւ Հատրութի հանրակրթական դպրոցներու ներկայացուցիչներու օգոստոսեան աւանդական խորհրդակցութեան:

Պետական նախարարը լսած է նախորդ ուսումնական տարուան ձեռքբերումներու ու հիմնախնդիրներու եւ նոր ուսումնական տարուան ընելիքներու մասին Ստեփանակերտի քաղաքային, Շուշիի եւ Հատրութի շրջանային հանրակրթութեան ոլորտի պատասխանատուներու զեկոյցները, առանձին ու մանրամասն քննարկած է ոլորտին մէջ առկայ խնդիրներն ու հնարաւոր լուծումները: Արտակ Բեգլարեան եւ ԿԳՄՍ նախարարութեան ղեկավար կազմը ներկայացուցած են այն հիմնական դիտարկումները, որոնք առանցքային նշանակութիւն ունին կրթութեան որակի բարելաւման ու կրթօճախներու արդիւնաւէտ գործունէութեան ապահովման համար: Պետական նախարարն ընդգծած է, որ կրթութեան ոլորտի բարեփոխումներու ուղղութեամբ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը պիտի իրականացնէ հետեւողական քաղաքականութիւն, եւ առաջիկային, ուսուցչական կազմի հետ համաձայնեցմամբ, պիտի նախաձեռնուին համակարգային բարեփոխումներ՝ ձեւաւորելու արդի մարտահրաւէրները դիմակայելու ունակ եւ մեր առանձնայատկութիւններուն համապատասխան կրթական համակարգ:

«Իմ պատկերացմամբ՝ յառաջիկայ ուսումնական տարին պէտք է խորը վերլուծութեան եւ պլանաւորման (ծրագրաւորման) ժամանակահատուած լինի՝ բոլոր հիմնախնդիրները, երկարաժամկէտ նպատակներն ու անելիքները համատեղ վեր հանելու առաջնահերթութեամբ: Մեր հիմնախնդիրների երկարաժամկէտ ու հիմնարար լուծումները հնարաւոր են որակեալ կրթութեան միջոցով: Այո՛, Արցախում ապրելը, կրթելը, ուսանելը հեշտ չէ, շատ աւելի դժուար է, քան աշխարհի երկրների գերակշիռ մասում: Բայց այն պատուաբեր է մեզ համար եւ մենք մեր պատիւն ու ստանձնած առաքելութիւնը պէտք է բարձր պահենք, որի միջոցով կը կարողանանք յաղթահարել դժուարութիւնների հերթական փուլը»,- իր խօսքին մէջ նշած է Արտակ Բեգլարեան:

Օգոստոսեան խորհրդակցութեան ժամանակ տնօրէններու ու ուսուցիչներու հետ պետական նախարարը քննարկած է նոր ուսումնական տարուան ընդառաջ՝ ոլորտին մէջ առկայ խնդիրներուն եւ լուծման ուղիներուն առնչուող տարաբնոյթ հարցեր:

Օրուայ երկրորդ կիսուն պետական նախարարը մասնակցած է նաեւ Ասկերանի մէջ, իսկ այսօր առաւօտեան՝ Մարտակերտի մէջ հրաւիրուած համաբովանդակ խորհրդակցութիւններուն: