image

Աւստրալիոյ մէջ. Հերոս Գրիգորեանի կորուստը

 Աւստրալիոյ մէջ. Հերոս Գրիգորեանի կորուստը

Օրերս Սիտնիի մէջ անակնկալ հիւանդութեան հետեւանքով իր մահկանացուն կնքած է գաղութի  նուիրեալ անդամներէն, ՀՅԴ գործիչ Հերոս Գրիգորեանը։

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Աւստրալիոյ հայկական համայնքի լուրերը տարածող «Արմինիա» հարթակէն։

Ստորեւ մեր ընթերցող հասարակութեան կը ներկայացնենք այդ մասին հրապարակուած մահագրութիւնը։

 

Ոչ եւս է ընկեր Հերոս Գրիգորեանը

Շաբաթ 27 Յուլիս 2024-ի երեկոյեան, Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ իր մահկանացուն կնքեց ՀՅԴաշնակցութեան նուիրեալ ընկեր Հերոս Գրիգորեան։ 

Արմենիա Մետիա մամլոյ եւ տեղեկատուական ընկերակցութեան խնամակալ կազմն ու խմբագրական անձնակազմը իրենց խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի հարազատներուն եւ Աւստրալահայ գաղութին: 

Ընկեր Հերոս Գրիգորեան անսակարկ նուիրումով երկար տարիներ վարած է նաեւ «Արմենիա» թերթի վարչական տնօրէնի պաշտօնը։ 

Հանգուցեալի թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի 1 Օգոստոս 2024-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին Սիտնիի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ: Թաղման կարգը պիտի կատարուի Macquarie Park գերզեմանտան մէջ: 

Այս տխուր առիթով ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն հրապարակեց հետեւեալ մահախօսականը`

 

 

 Գոյժ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէէն՝

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն եւ Արեւմտեան Սիտնիի ՀՅԴ «Քերի» Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նուիրեալ անդամ, շրջանի նախկին հերթապահ եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Աւստրալիոյ ներկայացուցիչ՝ Ընկեր Հերոս Գրիգորեսնի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ 27 Յուլիսի երեկոյեան շրջապատուած իր սիրելի ընտանիքի անդամներով։ 

Ընկեր Հերոս Գրիգորեանի երկարամեայ բազմածաւալ գործունէութիւնը Դաշնակցութեան եւ Աւստրալահայ համայնքի տարբեր ոլորտներէն ներս եղաւ միշտ յատկանշական եւ դրսեւորուեցաւ համակ ու անշահախնդիր նուիրումով, անխոնջ ծառայութեամբ ու անշշուկ զոհողութեամբ։ 

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու ընկեր Հերոսի ընտանիքին, հարազատներուն, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, Աւստրալահայ գաղութին եւ բոլոր գաղափարակից ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն: