image

Ատրպէյճանը 2024-ի փետրուար-մարտ ամիսներուն բռնագրաւուած Շուշի պիտի տեղափոխէ 300 ընտանիք

Ատրպէյճանը 2024-ի փետրուար-մարտ ամիսներուն բռնագրաւուած Շուշի պիտի տեղափոխէ 300 ընտանիք

Ատրպէյճանցիներու՝ բռնագրաւուած Շուշի տեղափոխումը պիտի սկսի 2024 թուականի փետրուար-մարտ ամիսներուն: Այս մասին յայտնի դարձած է Ատրպէյճանի նախագահի՝ Շուշիի շրջանին մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Այտին Քերիմովի յայտարարութենէն:

Ան մանրամասնած է, որ Շուշիի շրջանին մէջ կը նախատեսուի բնակեցնել աւելի քան 300 ընտանիք, գրած են տեղի լրատուամիջոցները։

Քերիմովը աւելցուցած է, որ Շուշիի փողոցները հիմնովին կը վերանորոգուին, ներքին ճանապարհային ցանցի վերակառուցման ծրագրին զուգահեռ կը բարելաւուի հասարակական փոխադրութեան համակարգը, 23 շէնք ունեցող բնակելի համալիրի շինարարական աշխատանքներն ամբողջութեամբ կ՚աւարտին յաջորդ եռամսեակին: