image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանն արգիլած է Արցախին դեղի մատակարարումը

Ատրպէյճանն արգիլած է Արցախին դեղի մատակարարումը

22 յուլիսին ԱՀ Առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն» Փակ բաժնետիրական ընկերութենէն (ՓԲԸ) 13 բուժառու ուղեկցողներու հետ միասին, «Կարմիր խաչի» միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ տեղափոխուած են ՀՀ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։

Յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութենէն։

Նախատեսուած է օրուան ընթացքին ԿԽՄԿ մեքենաներով Արցախ վերադարձնել 13 բուժառուները՝ ուղեկցողներուն հետ միասին, որոնք ժամանակին պետական պատուէրի ծիրէն ներս ուղեգրուած են ՀՀ բուժում ստանալու համար։

Աւելի քան 200 բուժառուներ կը սպասեն իրենց տեղափոխութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մասնագիտական բժշկական կեդրոններ՝ անյապաղ բուժօգնութիւն ստանալու համար:

Չնայած իրականացուած ջանքերուն՝ Կարմիր խաչը տեւական ժամանակ չի կրնար ապահովել խիստ անհրաժեշտ դեղորայքի մատակարարում Հայաստանէն, քանի որ ատրպէյճանական կողմը շարունակաբար կ'արգիլէ նոյնիսկ դեղորայքի մատակարարումը:

«Արեւիկ» բժշկական միաւորում այս պահուն բուժում կը ստանայ 24 երեխայ, 7-ը կը գտնուի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունք:

«Հանրապետական բժշկական կեդրոն» ՓԲԸ-ի մէջ բուժում կը ստանայ 73 հիւանդ, 6 բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունք, որոնցմէ 2-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է։