image

Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած զինծառայողի համար Հայաստան դիմած է Եւրոպական դատարան

Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած զինծառայողի համար Հայաստան դիմած է Եւրոպական դատարան

Ատրպէյճանի կողմէ 16 օգոստոսին գերեվարուած պահեստազօրայինի համար ՀՀ կառավարութիւնը դիմած է Եւրոպական դատարան՝ Ատրպէյճանի նկատմամբ միջանկեալ միջոց կիրառելու պահանջով։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչի գրասենեակի մամուլի խօսնակ Յասմիկ Սամուէլեան։

Յիշեցնենք, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 16 օգոստոսին պահեստազօրային Գ. Ո., նախնական տուեալներով, ինքնակամ ձգած է մարտական դիրքը, եւ անոր յայտնաբերելու նպատակով կ'ընթանան որոնողական աշխատանքներ։

Աւելի ուշ ատրպէյճանական կողմը յայտարարած, որ ձերբակալած են հայ զինծառայող։ Հակառակորդը առիթը բաց չէ թողած հերթական ապատեղեկատւութիւն տարածելու համար` նշելով, թէ իբր ներթափանցման փորձ եղած է ։

Աւելի ուշ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ներկայացուց տեսանիւթ, ուր կ'երեւի, թէ ինչպէս Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու խումբ մը զինծառայողներ կը մօտենան դեռ չպարզուած հանգամանքներով ատրպէյճանական կողմը յայտնուած պահեստազօրային Գ. Ո.-ին, նախ կը զրուցեն անոր հետ, ապա կը ձերբակալեն եւ ինքնաշարժով կը տեղափոխեն անյայտ ուղղութեամբ: