Ատրպէճանի կրակոցներու հետեւանքով Արցախի մէջ հայկական կողմն ունի մէկ վիրաւոր, յայտնած է Արցախի պաշտպանութեան բանակը։
«Սեպտեմբերի 13-ին ժամը 12։15-ի սահմաններում ադրբեջանական զինուժը Նոր Շէնի ուղղութեամբ խախտել է հրադադարը կիրառելով հրաձգային զէնք։ Հրադադարի խախտման հետեւանքով հայկական կողմում կայ մէկ վիրաւոր։ Նրա կեանքին վտանգ չի սպառնում»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Արցախի պաշտպանական գերատեսչութենէն նշած են, որ միջադէպի մասին տեղեկացուցած են Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան։
Աւելի վաղ Պաշտպանութեան բանակը հաղորդած էր, որ ժամը 11:50-ի սահմաններուն, հակառակորդը հրադադարը խախտած է Ճանկաթաղի (Մարտակերտի շրջան) ուղղութեամբ։