Ատրպէյճանը, Վրաստանը, Հունգարիան եւ Ռումանիան «կանաչ» ուժանիւթի վերաբերեալ համաձայնագիր ստորագրած են, որ կրնայ Եւրոպական միութեան համար ուժանիւթի նոր աղբիւր դառնալ ուժամատակարարման ճգնաժամի պայմաններուն, հաղորդած է AP-ը։
Համաձայնագիրը կը նախատեսէ Սեւ ծովի յատակին մետաղեայ լարի (մալուխ) տեղադրում, որ Վրաստանի եւ Ռումանիոյ միջով կը միացնէ Ատրպէյճանը Հունգարիոյ հետ։
Ատրպէյճանը կը նախատեսէ ծովային հողմակայաններէն ելեկտրականութիւն արտածել Եւրոպա Վրաստանի միջով, ապա՝ Ռումանիա եւ Հունգարիա։
Ռումանիոյ նախագահ Քլաուս Եոհանիսի գրասենեակը ուրբաթ օր հաղորդած է, որ չորս երկիրներու միջեւ համաձայնագիրը «ֆինանսական եւ տեխնիկական հիմք» կ'ապահովէ ստորջրեայ ելեկտրական մետաղեայ լարի (մալուխ) նախագիծին համար:
Նախագիծը նպատակ ունի զանազանակերպել ուժանիւթի մատակարարումները եւ բարձրացնել տարածաշրջանային ուժանիւթի անվտանգութիւնը, ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Ուրբաթ օր ռումանիական բնական կազ արտադրող Romgaz-ը նաեւ յայտնած է, որ պայմանագիր ստորագրած է Ատրպէյճանի պետական նաւթային SOCAR ընկերութեան հետ, այսպէս կոչուած, Հարաւային կազային միջանցքով բնական կազ ստանալու համար, որու մատակարարումները կը սկսին 1 յունուարին: Romgaz-ը յայտարարած է, որ այդ կը ծառայէ բնական կազի աղբիւրներու բազմազանութեան իր «ռազմավարական նպատակներուն»։
Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթօն օգոստոսին յայտարարած է, որ Ատրպէյճանը շուտով «մեծ քանակութեամբ բնապահպանականօրէն մաքուր ուժանիւթ» կ'արտադրէ ծովային հողմային ելեկտրակայաններու միջոցով, եւ որ ստորագրելով միացնող կազատարի նախագիծը, որ կրնայ այդ ուժանիւթը հասցնել Եւրոպա, Հունգարիան կը կատարէ Եւրոպական Միութեան անդամ երկու երկիրներու մասնակցութեան պահանջը, որպէսզի ներդրումները ֆինանսաւորում ստանան պլոկէն:
Սիարթօն նշած է, որ նախագիծը կրնայ աւարտիլ 3-4 տարուայ ընթացքին, եւ որ այն կարեւոր քայլ պիտի ըլլայ ուժանիւթի մատակարարումներու բազմազանութեան եւ ածխածնի չէզոքութեան նպատակներուն հասնելու համար:
Այս շաբաթ Սիարթօն հանդիպած է Քաթարի եւ Օմանի պաշտօնեաներուն հետ՝ կապուած Մերձաւոր Արեւելքի այս երկու երկիրներէն նաւթի եւ բնական կազի Հունգարիա ներմուծման հնարաւոր ապագայի հետ, ինչ որ եւս մէկ նշան է, որ Հունգարիան քայլեր կը ձեռնարկէ բնական կազի 85 տոկոսը եւ նաւթի աւելի քան 60 տոկոսը հաւասարեցնելու համար, որ այժմ կը ստանայ Ռուսիայէն։