Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ֆրանսայի Սենատը մեղադրած է «սադրանքի» եւ Պաքուի եւ Երեւանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը «խոչընդոտելու» մէջ։ Այսպիսով Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն պատասխանած է Ֆրանսայի Սենատի կողմէ բանաձեւի ընդունման, որ կ'ենթադրէ պատժամիջոցներ Պաքուի դէմ։
Յիշեցնենք, որ երէկ ընդունուած բանաձեւը կ'ենթադրէ պատժամիջոցներ Ատրպէյճանի դէմ, Հայաստանի տարածքէն ատրպէյճանական զինուած ուժերու անյապաղ դուրսբերում, 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրականացում, երկու երկիրներու միջեւ շարունակական խաղաղութեան հասնելուն ուղղուած նախաձեռնութեան սատարում։
«Ֆրանսայի Սենատի կողմէ ընդունուած բանաձեւը բացարձակ հեռու է ճշմարտութենէն, կ'արտացոլէ կեղծ եւ զրպարտչական դրոյթներ եւ կը կրէ բացայայտ սադրիչ բնոյթ, կը ծառայէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի խաթարման»,-ատրպէյճանական ԶԼՄ-ները մէջբերած են Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի յայտարարութիւնը։
Յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ «Սենատի կողմէ ընդունուած եւ ոչ մէկ իրաւական ուժ ունեցող բանաձեւը յստակ ցոյց կու տայ Ֆրանսայի կողմնակալ եւ միակողմանի քաղաքական դիրքորոշումը»։ «Բանաձեւին մէջ նշուած մտացածին պնդումները ցոյց կու տան, որ անոր հեղինակներուն յայտնի չեն պատմական փաստերն ու տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակը։ Ինչ կը վերաբերի այսպէս կոչուած «Լեռնային Ղարաբաղ» ձեւկերպման, եւս մէկ անգամ յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածք հանդիսացող Ղարաբաղեան տարածաշրջանը Ադրբեջանի անբաժանելի մասն է, այդ տարածաշրջանին մէջ բնակող հայ բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը Ատրպէյճանի ներքին գործն է, եւ անոնց անվտանգութիւնը պիտի ապահովուի Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան համապատասխան։ Խրախուսելով Հայաստանի մէջ ռեւանշիստական ուժերը՝ Սենատի այս բանաձեւը չի ծառայեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ առաջընթացին եւ հեռու է բանաձեւին մէջ նշուած «կայուն խաղաղութեան սատարումէն»»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Յիշեցնենք, որ բանաձեւը ընդունուած է գրեթէ միաձայն։ Անոր ընդունման օգտին քուէարկած է 296 սենատորներէն 295-ը։
Յիշեցնենք նաեւ, որ բանաձեւի քննարկումէն առաջ Ատրպէյճանի առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւան ցուցադրաբար հրաժարած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «բարի կամքի» դեսպանի լիազօրութիւններէն՝ միաժամանակ կազմակերպութեան ղեկավար Օտրի Ազուլէն մեղադրելով կազմակերպութեան մէջ Ֆրանսայի քաղաքականութեան իրականացման մէջ: