image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանեան մարմինը հիմնուած է բացայայտ սուտի եւ անամօթ քարոզչութեան վրայ. Եւրոխորհուրդի պատգամաւոր

Ատրպէյճանեան մարմինը  հիմնուած է բացայայտ սուտի եւ անամօթ քարոզչութեան վրայ. Եւրոխորհուրդի պատգամաւոր

Եւրոպական խորհրդարանի մէջ Գերմանիան ներկայացնող պատգամաւոր Մարթին Զոնեպորն Ատրպէյճանի հաղորդակցման ռազմավարութիւնն անամօթ ու բացայայտ սուտի վրայ հիմնուած համարած է։ 

Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին, գերմանացի եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորը, անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յարձակողական ու սպառնալից յայտարարութիւններուն Հայաստանի հասցէին, նշած է, որ Ալիեւի նպատակը ազատութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը ոչնչացնելն է, սակայն ան այդ գործին մէջ պէտք չէ յաջողութիւն ունենայ: 

«Ատրպէյճանի հաղորդակցման ռազմավարութիւնը, ինչպէս միշտ, հիմնուած է բացայայտ սուտի եւ անամօթ քարոզչութեան վրայ։ Որպէս իրական ֆաշիստ՝ Ալիեւի նպատակն է ոչնչացնել ազատութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը։ Ան այդ ըրաւ Արցախի մէջ, հիմա ալ կը սպառնայ Հայաստանին։ Ան պէտք չէ յաջողի», - ըսած է Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Մարթին Զոնեպորն։