Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ 18 յունուարին կայացած է Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստ, որուն մասնակցած են նաեւ Ազգային ժողովի քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները:
Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն յայտնած են, որ նիստին ներկայացուած են Ատրպէյճանի կողմէ Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիի արգելափակման պատճառով Արցախի մէջ արդէն 38 օր տեւող մարդասիրական ճգնաժամի հետեւանքները, քննարկուած են ատոնց յաղթահարման մեքանիզմները։
Արցախի նախագահը տեղեկացուցած է, որ 15 յունուարին ռուսական կողմի միջնորդութեամբ կազմակերպուած է հաղորդակցութիւն ատրպէյճանական կողմի հետ՝ ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծման նպատակով: Արցախը արտաքին աշխարհի հետ կապող միակ մայրուղիի վերաբացման ուղղութեամբ որեւէ առաջընթաց չէ արձանագրուած: Ատոր փոխարէն, 17 յունուարին կազամատակարարման խաթարման հետեւանքով ստեղծուած են նոր լրջագոյն խնդիրներ:
Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընդգծուած է ընկերային-տնտեսական ոլորտի մէջ իրականացուող քայլերը ճգնաժամային իրավիճակին համապատասխանեցնելու անհրաժեշտութիւնը։ Լիազօր պետական կառոյցներու ղեկավարներուն Հանրապետութեան նախագահը տուած է յանձնարարականներ։
Արագ արձագանգման (օպերատիւ) շտաբի պետ, պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանն առաջիկային պիտի ներկայացնէ շրջափակման պայմաններուն մէջ բնակչութեան կենսագործունէութեան հետագայ ապահովման, մարդասիրական ճգնաժամի յաղթահարման ուղղութեամբ յստակ առաջարկներ: