Ըստ Sputnik Արմենիայի, ատրպէյճանցիները առեւանգած են Սիւնիքի մարզի Տեղ համայնքի հովիվին` Սուրիկ Մաթեւոսեանին։
Տեղեկութիւնը յայտնած է համայնքի աշխատակազմի քարտուղար՝ Արտակ Բաղդագյուլեանը։
«Ռուս սահմանապահներուն արդէն իսկ տեղեակ պահած են դէպքի մասին, եւ բանակցութիւններ կ'ընթանան իրեն վերադարձնելու ուղղութեամբ»,–ըսած է Բաղդագուլեանը։
Ան նշեց, որ դէպքը տեղի ունեցած է ժամը 16։00-16։30-ի սահմաններուն, սակայն մանրամասներ յայտնել չի կրնար։
Ատրպէյճանցիները տարած են նաեւ հովիվին հօտը։