image

Ատրպէյճանցիներն Արաւուսի սահմանէն գողցած ոչխարները վերադարձուցած են

Ատրպէյճանցիներն Արաւուսի սահմանէն գողցած ոչխարները վերադարձուցած են

Սիւնիքի մարզի Արաւուս բնակավայրի սահմանէն գողցած ոչխարները ատրպէյճանցիները վերադարձուցած են։

Այս մասին Tert.am-ին յայտնած է ոչխարներու տէրը՝ Արմէն Ջահանգիրեանը։

«Ադրբեջանցիներն ինչքան ոչխար են տարել, այնքան էլ ետ են բերել, խնդիրը կարգաւորուել է մեր անվտանգութեան զօրքերի միջոցով։ Նրանք են բանակցել ու վերադարձրել։ Երէկ երեկոյեան՝ ժամը 22։00-ին են մանր եղջերաւոր կենդանիներին բերել»,- մանրամասնած է անասնատերը։

Միջադէպէն ետք Տեղ համայնքի ղեկավար Դաւիթ Ղուլունցը տեղեկացուցած էր, որ ոչխարներն ատրպէյճանցիներէն վերադարձնելու ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին, և այդ հարցով դիմած են ռուսերուն։

Համայնքի ղեկավարէն Tert.am-ը հետաքրքրուած է՝ ինչպէ՞ս եղաւ, որ ոչխարները ատրպէյճանցիները ետ բերին, ռուսե՞րը օգնած են այդ հարցով։ Դաւիթ Ղուլունցը պատասխանած է, որ բոլորին ալ դիմած են, հիմա կարեւորն այն է, որ բնակիչի ոչխարները ետ բերուած են։

«Կարեւորը ետ են բերել, ով բերել է՝ ապրի։ Ռուսական կողմին ասել ենք, բայց իրենք մանր եղջերաւորների վերադարձի հետ կապ չունեն»,- ըսած է ան։