image

Ատրպէյճան դեսպանատուն պիտի բանայ Իսրայէլի մէջ

Ատրպէյճան դեսպանատուն պիտի բանայ Իսրայէլի մէջ

Ատրպէյճան մտադիր է դեսպանատուն բանալ Իսրայէլի մէջ, հաղորդած է «Ինթըրֆաքս Ատրպէյճանը»։

Ատրպէյճանի խորհրդարանէն ներս ներկայացուած է «Իսրայէլի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան բացման մասին» օրինագիծը։

Իսրայէլի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունը պիտի գործէ Թէլ Աւիւի մէջ։