image

Աթէնքի մէջ. Գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի այցը՝ համայն Յունաց Առաջնորդին

 Աթէնքի մէջ. Գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեանի այցը՝ համայն Յունաց Առաջնորդին

  Օրերս Յունաստանի (Կիլիկեան Աթոռի) Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան օրերս այցելութիւն տուած է  համայն Յունաստանի Առաջնորդ Երոնիմոս արքեպիսկոպոսին։

Այցին մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Յունաստանի Թեմի  դիմատետրեան պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ  հրապարակուած լրատւութիւնը։

Հինգշաբթի, 20 Մարտ 2025-ին, Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Եմիշեան, ընկերակցութեամբ Կրօնական Ժողովի ատենապետ եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեանի եւ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Նարեկ քհնյ. Շահինեանի, այցելեց Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոս' Երոնիմոսին: 

Առաջնորդ Սրբազանը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Երոնիմոս Արքեպիսկոպոսին, որ Յունաստան ժամանումին առթիւ, անձնապէս իր, եւ Յոյն եկեղեցւոյ Ս. Սինոտին կողմէ ներկայացուցիչ ղրկած էր Սինոտի Ուղղափառ եւ Միջ-քրիստոնէական յարաբերութիւններու յանձնաժողովի քարտուղար' Էմմանուել Փափամիքոիլիսը, եւ առաջնորդական անդրանիկ Ս. Պատարագին՝ Իգնադիոս Եպիսկոպոսը։

Սրբազանը փոխանցեց նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական եւ սիրալիր ողջոյնները՝ յայտնելով, որ ընդառաջելով Յունաստանի Կրթութեան, Հոգեւոր հարցերու եւ Մարմնակրթութեան նախարարութեան հրաւէրին, յառաջիկայ ամիսներուն Վեհափառ Հայրապետը պիտի այցելէ Աթէնք, նախ ներկայ գտնուելու իր հեղինակած “The Armenian Church” գիրքի յունարէն թարգմանութեան ներկայացման, եւ ապա նախագահելու իր Կաթողիկոսական օծման 30 ամեակի ձեռնարկին եւ այս ծիրէն ներս անշուշտ կը փափաքի նաեւ անձամբ հանդիպիլ:

Ողջոյնի խօսքեր փոխանցելէ ետք, Արքեպիսկոպոսը շնորհաւորեց Առաջնորդ Սրբազանը իր ընտրութեան եւ Եպիսկոպոսական օծման առթիւ, մաղթելով արգասաբեր ծառայութիւն եւ յաջողութիւն:

Երկխօսակցութեան ընթացքին, Արքեպիսկոպոսը բարձր գնահատեց հայ համայնքի դրական ներկայութիւնը Յունաստանի մէջ: Իր կարգին, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Յոյն եպիսկոպոսներու սիրալիր վերաբերումին համար, նշելով անոնց հետ հանդիպումները եւ սերտ յարաբերութիւնները: 

Այս առիթով Արքեպիսկոպոսը պանակէ նուիրեց Առաջնորդ Սրբազանին. իր կարգին, Սրբազանը խորհրդանշական ժամացոյց նուիրեց Արքեպիսկոպոսին: Նուէրը կը ներկայացնէր Աստուծոյ մեզի շնորհած երեք արժէքները՝ հաւատքը` պատկերուած եկեղեցիներով, հայրենիքը` պատկերուած Արարատ լեռով, եւ երկրի վրայ իւրաքանչիւր վարկեանը՝ ժամացոյցը: 

Աւարտին ողջագուրուելով, Արքեպիսկոպոսը դարձեալ յաջողութիւն մաղթեց Սրբազան Հօր, իր նոր առաքելութեան համար։