image

Աշխարհը պէտք է պատրաստուի նոր համաճարակի. Պայտըն

Աշխարհը պէտք է պատրաստուի նոր համաճարակի. Պայտըն

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն Սպիտակ տան մէջ կայացած ճեպազրոյցին ըսած է, որ աշխարհը պէտք է պատրաստուի նոր համաճարակի: Ամերիկացի առաջնորդին խօսքով` անոր համար «աւելի շատ գումար» կը պահանջուի:

 «Մեզի աւելի շատ գումար պէտք է երկրորդ համաճարակի համար: Եւս մէկ հատ պիտի ըլլայ: Մենք պէտք է նախապէս մտածենք: Ահա թէ ինչի համար մեզի գումար պէտք է»,  նշած է Պայտըն` պատասխանելով ԱՄՆ-ի մէջ «Քովիտ»ի դէմ պայքարի նախագիծի յաւելեալ ֆինանսաւորման մասին լրագրողներու հարցին: 

Ճոնս Հոփքինզ համալսարանի տուեալներով` ԱՄՆ-ի մէջ «Քովիտ»ի զոհերուն թիւը անցած է մէկ միլիոնը: