Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը յայտարարած է, որ աշխարհն այսօր կ'ապրի երրորդ համաշխարհային պատերազմը։ Այս կարծիքը ան յայտնած է Լեհաստանէն հաւատացեալները ողջունելու ժամանակ եւ յիշելով Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի բռնկման տարելիցը, գրած է ՌԻԱ «Նովոստի»-ն։
«Վաղը դուք պիտի յիշէք լեհ ժողովուրդի վրայ այնքան ցաւալիօրէն ազդած Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի բռնկման տարելիցը: Այսօր մենք կ'ապրինք երրորդը (համաշխարհային պատերազմը): Թող անցեալի փորձառութիւններու յիշողութիւնը խրախուսէ ձեզ խաղաղութիւն զարգացնելու ձեր մէջ, ձեր ընտանիքներուն մէջ, հասարակական եւ միջազգային կեանքին մէջ»,- ըսած է Հռոմի պապը։