image

Աշխարհի մէջ յայտնի է աղքատ մարդոց թիւը

Աշխարհի մէջ յայտնի է աղքատ մարդոց թիւը

ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի (UNDP) եւ բրիտանական  Oxford Poverty and Human Development Initiative (OPHI)  փորձագէտները գնահատած են ամբողջ աշխարհի աղքատ մարդոց թիւը: Հետազօտութիւնը հրապարակուած է OPHI-ի պաշտօնական կայքով։

Զեկոյցի համաձայն՝ աշխարհի բնակչութեան 1,1 միլիառը կ'ապրի աղքատութեան մէջ։ Աւելին, անոնց 40%-ը (455 միլիոն մարդ) կ'ապրի պատերազմներէն, անկայունութենէն եւ/կամ խաղաղութեան ցած մակարդակէն տուժած երկիրներու մէջ։

«Մենք պարզեցինք, որ աղքատութեան մակարդակը շատ աւելի բարձր է հակամարտութիւններէն տուժած շրջաններուն մէջ: Պատերազմի մէջ գտնուող երկիրներուն մէջ իւրաքանչիւր երրորդ մարդը աղքատ է (34,8%), մինչդեռ այն երկիրներուն մէջ, որոնք չեն տուժած հակամարտութենէն, իւրաքանչիւր իններորդն է (10,9%)»,- Կազեթա.ռու-ի հաղորդմամբ, նշուած է զեկոյցին մէջ։

Գիտնականները նշած են, որ 1,1 միլիառ աղքատ մարդոց կէսէն աւելին 18 տարեկանէն պզտիկ երեխաներ են (584 միլիոն)։ Աշխարհի գրեթէ մէկ երրորդը (27,9%) կ'ապրի աղքատութեան մէջ՝ համեմատած մեծահասակներու 13,5%-ին հետ։

Բացի այդ, աղքատներու ճնշող մեծամասնութիւնը չունի առողջապահական պայմաններ (828 միլիոն), բնակարաններ (886 միլիոն) կամ ճաշ պատրաստելու վառելիք (998 միլիոն):