Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝
Չաւուշօղլուն քիչ առաջ հաստատեց, այո Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութիւններու ամենաբարձր մակարդակի վրայ խօսակցութեան մէջ են։
Ի դէպ այս մասին գրած եմ շատ վաղ, իսկ Լիբանանցի լրագրող Հասան Պալլութ դեռ 2016-ին նախատեսած էր (այն ալ ներկայիս լոյս չտեսնող «Ալ Սաֆիր»ին մէջ) որ Ասատ եւ Էրտողան «անպայման» պիտի հանդիպին ու պատմած Մոսկուայի կողմէ եղած եւ երկու առաջնորդներուն հանդիպումին նպաստող, ու աւելի ուշ տապալած նախաձեռնութեան մը մասին։
Համբերութիւնը վարդեր կը բերէ, եւ նախագահ Ասատ եթէ հանդիպի Էրտողանի հետ, Սուրիոյ միասնութեան եւ անվտանգութեան պատնէշներէն մէկն ալ խորհրդանշականօրէն պիտի փլէ ու վերհաստատէ այդ հզօր երկրի յաղթական կամքը։
Ես այդպէս կը մեկնաբանեմ գալիք գործընթացները։