Սիւնիքի մարզի Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը մերժեց Գորիսի քաղաքապետ Առուշ Առուշանեանի խափանման միջոցը գրաւի դիմաց փոխելու մասին պաշտպանական կողմի ներկայացուցած միջնորդութիւնը։
Պաշտպանական կողմը միջնորդած էր 30 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց կալանքէ ազատել Գորիսի քաղաքապետը։
Յիշեցնենք, որ Գորիսի համայնքապետը կը մեղադրուի ՀՀ ՔՕ 35-154.2-րդ յօդուածի 4-րդ մասի 2-րդ կէտով, 38-149-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 4-րդ կէտով եւ 38-154.2-րդ յօդուածի 3-րդ մասով։ Ըստ մեղադրանքի համայնքի ընտրողներէն առաւելագոյն քուէներ ապահովելու եւ ընտրութիւններուն ցանկալի արդիւնք արձանագրելու անձնական եւ խմբային շահերէ ելլելով, ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններուն նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին ուղղակի դիտաւորութեամբ ծանր յանցագործութիւն նախապատրաստած, այն է` ընտրութիւններուն մասնակցելու եւ «Հայաստան» դաշինքի օգտին կողմ քուէարկելու համար երկու կամ աւելի ընտրողի կաշառք տրուած է։