Սիւնիքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ Գնել Գասպարեանի նախագահութեամբ մերժած է Գորիսի համայնքապետ Առուշ Առուշանեանի կալանաւորումը գրաւով փոխարինելու մասին պաշտպաններու միջնորդութիւնը։ Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Առուշ Առուշանեանի պաշտպան Էրիկ Ալեքսանեանը։ Ըստ անոր՝ դատարանի 3 էջէ բաղկացած որոշումը անհիմն է։
«Ծանօթացել եմ որոշմանը, միանշանակ բողոքարկելու ենք այն։ Ընդամէնը 2 պարբերութեամբ ասուում է, որ մնալով ազատութեան մէջ՝ կարող է խոչընդոտել գործի ընթացքին»,-ըսած է ան՝ աւելցնելով՝ դատարանը վկայակոչած է մեղսագրուող արարքի ծանրութիւնը, որ հիմք չէ, տարր է։
Էրիկ Ալեքսանեանն ըսած է, որ գործով բոլոր վկանները, այդ շարքին՝ Լուսինէ Աւետեանը հարցաքննուած են: Ըստ անոր՝ իմաստ չկայ խօսելու գործով անցնող վկաներու վրայ ազդեցութեան վտանգի մասին։ Փաստաբանը վկայակոչած է Եւրոպական դատարանի որոշումները այն մասին, որ դատաքննութեան փուլին արդէն այդ վտանգը կը նուազի։
«Խոչընդոտելու հաւանականութիւնը, որը մինչդատական վարոյթում դատարաններն արձանագրել են, նուազել է»,-մանրամասնած է ան։
Յիշեցնենք, որ Առուշ Առուշանեանը կը մեղադրուէր ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 35-154.2-րդ յօդուածի 4-րդ մասի 2-րդ կէտով, 38-149-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 4-րդ կէտով եւ 38-154.2-րդ յօդուածի 3-րդ մասով՝ արտահերթ ընտրութիւններու ժամանակ ընտրական իրաւունքի իրականացման խոչընդոտելուն օժանդակելու, ընտրողներուն կաշառք տալուն օժանդակելու եւ նախապատրաստելու համար: