image

Արթուր Թովմասեան միացաւ Արցախի նախագահի նախաձեռնութեան

Արթուր Թովմասեան միացաւ Արցախի նախագահի նախաձեռնութեան

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան 17 յուլիսին՝ ժամը 23:00-ին խմբակցութիւններու ղեկավարներու եւ մշտական յանձնաժողովներու նախագահներու մասնակցութեամբ շտապ խորհրդակցութեան ընթացքին յայտնած է, որ հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ կը միանայ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին մէջ մեկնարկած նստացոյցին:

Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանէն։

Ազգային Ժողովի նախագահը նշած է, որ նստացոյցը պայքարի ծայրայեղ միջոցներէն է, բայց ոչ ամենածայրայեղը:

«Արցախի ամբողջական պաշարումը օրեցօր հանգեցնում է վատթարագոյն ծայրայեղութեան, ինչն անդառնալի հետեւանքների պատճառ կը դառնայ»,-ըսած է Արթուր Թովմասեանը: