image

Արհեստական բանականութիւնը հետեւանքն է սեբական բանականութեան կորուստին. Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Միացեալ Թա­գաւո­րու­թեան ըն­կե­րային ցան­ցե­րը կ՚ողո­ղուին երի­տասարդ անգլիացիի մը կա­տարած հա­մեմա­տու­թիւնով։ Ան նախ նկա­րահա­նած է իր բնա­կած մի սե­նեակա­նի տու­նը, որուն հա­մար կը վճա­րէ որոշ գու­մար մը։ Ապա կը ներ­կա­յաց­նէ Թուրքիոյ զբօ­սաշրջա­կան վա­յրերէն հինգ աստղա­նի հիւ­րա­նոցի մը յար­մա­րաւէտ սե­նեակը, որուն առ­ջեւ ան­ծայրա­ծիր բա­ցուած է Մի­ջերկրա­կան ծո­վու հրա­շալի տե­սարան մը։ Երի­տասար­դը բա­ցատ­րութիւններ կու տայ այդտեղ իրեն մա­տու­ցո­ւած ծա­ռայու­թեան մա­սին։ Ամ­բողջ ամիս մը ապա­հովո­ւած է օրա­կան երեք ժում բա­ւական ճոխ ճա­շատե­սակով, որու կող­քին ան­սահման տե­ղական խմիչ­քով։ Իր պատ­րաստած տե­սանիւ­թի աւար­տին հարց կու տայ, «Պատ­ճառ կա՞յ Մեն­չըսթըր բնա­կելու հա­մար աւե­լի սուղ վճա­րելու»։

Ի՞նչն էր կամ ո՞րն էր գոր­ծո­ւած սխա­լը, որ մենք դրախ­տա­վայր եր­կի­րը վե­րածե­ցինք ան­տա­նելի դժոխ­քի եւ կա­մաւոր կ՚այ­րինք այդ դժոխ­քին մէջ։

Լսել չեմ ու­զեր հետզհե­տէ զզո­ւանք պատ­ճա­ռող պատ­րո­ւակ­նե­րը։ Ես ալ գի­տեմ ըէ Միացեալ Թա­գաւո­րու­թիւնը գա­ղու­թա­տիրու­թեան հա­մաշ­խարհա­յին խորհրդա­նիշն է։ Գի­տեմ նաեւ աշ­խարհի վրայ շա­հագոր­ծող եւ շա­հագոր­ծո­ւող եր­կիրնե­րու գո­յու­թիւնը։ Բայց այս գիտ­ցածներս ներ­կայ դժբախ­տութեան ոչ թէ պատ­ճառներն են, այլ պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւննե­րը։

Եթէ մար­դը օժ­տո­ւած է բա­նակա­նու­թեամբ, ո՞ր խել­քին ծա­ռայե­լով հնա­րեցինք ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թիւնը, որ դրա­մապաշ­տութեան ձե­ռին ի վեր­ջոյ պի­տի սպառ­նայ մեր կուլ տո­ւած պա­տառ մը հա­ցին իսկ։

Եթէ քա­ղաքա­ցիու­թեան առու­մով մաս­նի­կը չըլ­լանք եւ դուրսէն դի­տելու կա­րողու­թիւն ու­նե­նանք, իս­կա­պէս ալ հա­ճելի է մեր եր­կի­րը։ Ո՛չ միայն հա­ճելի, այլ զո­ւար­ճա­լի, ու­րա­խալի, հա­մեղ, գե­ղատե­սիլ…։

Նոյ­նիսկ իր կար­գին բա­ւակա­նին չ՚ըսե­լու հա­մար ծի­ծաղե­լի, զո­ւար­ճա­լի է երկրի քա­ղաքա­կան ան­ցուդար­ձե­րը եւս։

Եթէ մեր ան­մի­ջական եւ էական խնդիր­նե­րը իրենցմէ կա­խեալ չըլ­լան, որ­քան հա­ճելի է մարդկանց մատ­նո­ւած հա­կասու­թիւննե­րը դի­տել։

Մարդ արա­րածը չէ որ հում կաթ ծծած է, կրնայ դրժել իր խօսքն ու խոս­տումը, սպի­տակ ըսել երեկ սեւ ըսա­ծին։ Այս մէ­կը զար­մա­նալի չէ քա­ղաքա­կան գետ­նի վրայ։ Աշ­խարհի բո­լոր քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րը օժ­տո­ւած են այդ յատ­կութիւ­նով։ Բայց վեր­ջա­պէս այս տե­սակի սուր ան­կիւնա­դար­ձե­րը ան­գամ որոշ ժա­մանա­կի կը կա­րօտին։ Իբ­րեւ պատ­րո­ւակ կա­րելի է ըսել թէ այդ պա­հուն պայ­մաննե­րը այս կը թե­լադ­րէին, իսկ այժմ ներ­կայ պայ­մաննե­րը ու­րիշ բան կը պա­հան­ջեն։

Հա­պա հա­մարեա նոյն պա­հուն իրա­րու հա­կասող միտ­քե­րով նա­խադա­սու­թիւն կազ­մե­լը կ՚երե­ւի թէ մեր երկրի յա­տուկ բան է։

Օրի­նակի հա­մար շատ հա­ճելի է Թուրքիոյ մէջ գնումներ ընել, զբօս­նել, նոյ­նիսկ մսխու­մի հա­մազօր շռայ­լութեան մէջ մնալ, պայ­մա­նաւ որ այդ ծախ­սած փո­ղը ապա­հոված ըլ­լաս ցան­կա­ցած այլ երկրի մէջ։ Իզուր չէ որ մար­դիկ զան­գուածա­բար կ՚այ­ցե­լեն մեր եր­կի­րը, կը դար­մա­նուին, կազ­դուրո­ւին, կը հանգստա­նան ու կը վե­րադառ­նան իրենց եր­կիրնե­րը։ Նոյ­նիսկ առ­ցանց աշ­խա­տան­քի ըն­ձե­ռած դրու­թիւննե­րով վե­րադառ­նա­լու ալ կա­րիք չ՚ու­նե­նան։

Միացեալ Թա­գաւո­րու­թեան ըն­կե­րային ցան­ցե­րը կ՚ողո­ղուին երի­տասարդ անգլիացիի մը կա­տարած հա­մեմա­տու­թիւնով։ Ան նախ նկա­րահա­նած է իր բնա­կած մի սե­նեակա­նի տու­նը, որուն հա­մար կը վճա­րէ որոշ գու­մար մը։ Ապա կը ներ­կա­յաց­նէ Թուրքիոյ զբօ­սաշրջա­կան վա­յրերէն հինգ աստղա­նի հիւ­րա­նոցի մը յար­մա­րաւէտ սե­նեակը, որուն առ­ջեւ ան­ծայրա­ծիր բա­ցուած է Մի­ջերկրա­կան ծո­վու հրա­շալի տե­սարան մը։ Երի­տասար­դը բա­ցատ­րութիւններ կու տայ այդտեղ իրեն մա­տու­ցո­ւած ծա­ռայու­թեան մա­սին։ Ամ­բողջ ամիս մը ապա­հովո­ւած է օրա­կան երեք ժում բա­ւական ճոխ ճա­շատե­սակով, որու կող­քին ան­սահման տե­ղական խմիչ­քով։ Իր պատ­րաստած տե­սանիւ­թի աւար­տին հարց կու տայ, «Պատ­ճառ կա՞յ Մեն­չըսթըր բնա­կելու հա­մար աւե­լի սուղ վճա­րելու»։

Ի՞նչն էր կամ ո՞րն էր գոր­ծո­ւած սխա­լը, որ մենք դրախ­տա­վայր եր­կի­րը վե­րածե­ցինք ան­տա­նելի դժոխ­քի եւ կա­մաւոր կ՚այ­րինք այդ դժոխ­քին մէջ։

Լսել չեմ ու­զեր հետզհե­տէ զզո­ւանք պատ­ճա­ռող պատ­րո­ւակ­նե­րը։ Ես ալ գի­տեմ ըէ Միացեալ Թա­գաւո­րու­թիւնը գա­ղու­թա­տիրու­թեան հա­մաշ­խարհա­յին խորհրդա­նիշն է։ Գի­տեմ նաեւ աշ­խարհի վրայ շա­հագոր­ծող եւ շա­հագոր­ծո­ւող եր­կիրնե­րու գո­յու­թիւնը։ Բայց այս գիտ­ցածներս ներ­կայ դժբախ­տութեան ոչ թէ պատ­ճառներն են, այլ պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւննե­րը։

Եթէ մար­դը օժ­տո­ւած է բա­նակա­նու­թեամբ, ո՞ր խել­քին ծա­ռայե­լով հնա­րեցինք ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թիւնը, որ դրա­մապաշ­տութեան ձե­ռին ի վեր­ջոյ պի­տի սպառ­նայ մեր կուլ տո­ւած պա­տառ մը հա­ցին իսկ։

Եկէք միաս­նա­բար մտա­ծենք։

Բագրատ Էսդուգեան
«Ակօս»